տուն Լուրեր Բլոգ ՍՓԻՒՌՔԸ չի բաղկանար միայն ազգային ջոջերէ…

ՍՓԻՒՌՔԸ չի բաղկանար միայն ազգային ջոջերէ…

180
0

285143_358403754250743_336695750_n

Երան Կույումճեանն իր ֆեյսբուքյան էջում գրել է.

ՍՓԻՒՌՔԸ չի բաղկանար միայն ազգային ջոջերէ, էսթապլիշմենթային գործիչներէ, կուսակցականներէ, որոնք չեն կրնար ներկայացնել զայն, չեն կրնար խօսիլ անոր անունով, քանզի անոնք՝ մեծաւ մասամբ, նշանակուած են, չեն ընտրուած մեր ժողովուրդին կողմէ….

ՍՓԻՒՌՔԸ, աւանդական ՍՓԻՒՌՔԸ, էապէս ՏԱՐԱԳԻՐ մեր ժողովուրդի շառաւիղներէն կազմուած եւ աշխարհի չորս ծագերուն սփռուած մեր «փոշի ազգ» ժողովուրդն է, որ ցարդ չունի զինք լիարժէք ներկայացնող, ԸՆՏՐՈՎԻ կայացած ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, որ կարենար իր անունով խօսիլ, որոշումներ ընդունիլ, գործել….

Մինչդեռ, նման ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ կայացումով, ՍՓԻՒՌՔԸ կրնայ վերակազմակերպուիլ, հաւաքագրել իր տարտղնուած ոյժերը, բռունցքաւորուիլ համահայկական նպատակներու եւ հիմնախնդիրներու շուրջ, մեր ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ շուրջ եւ ԽՏԱՆԱԼ, ԽՏԱՆԱԼ, ԽՏԱՆԱԼ….

ԹՈՂՆԵԼ ՊԱՏԱՍԽԱՆ

Please enter your comment!
Please enter your name here