Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ապրիլ 21ին տեղեկացուց, թէ Սպիտակ տան Ապահովութեան խորհուրդի պաշտօնատարները նշած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այս տարի եւս որոշած է անտեսել Հայոց Ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն կոչելու նպատակով իրեն կատարուած դիմումները, հակառակ այն իրողութեան, որ նախագահի պաշտօնին համար իր թեկնածութեան օրերուն, ան խոստացած էր իբրեւ նախագահ ե՛ւս յստակօրէն հաստատել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։
Այս գծով նշեալ պաշտօնատարներուն հետ հանդիպում ունեցած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան եւ կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեան։
«Կը թուի, թէ իր պաշտօնավարութեան սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ ճնշումներուն տեղի տուող նախագահ Օպաման իր պաշտօնավարութիւնը պիտի աւարտէ՝ դրժելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անկեղծօրէն արտայայտուելու իր խոստումը», յայտարարեց Արամ Համբարեան եւ աւելցուց, թէ յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդութեամբ հակահայ յարձակումները կը շարունակուին Հայաստանի, Արցախի, Թուրքիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ, Օպամայի այս քայլը «անպատասխանատու նահանջ մըն է», որ աւելի համարձակ կը դարձնէ Էրտողանն ու Ալիեւը։
«Դժբախտաբար, այս է նախագահ Օպամայի ձգած ժառանգութիւնը. Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ լռութիւն, Թուրքիոյ ուրացման արշաւին մեղսակցութիւն եւ Ատրպէյճանի բռնարարքներու քաջալերում», եզրակացուց Համբարեան։
Նշենք, որ նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն 1981ին ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 1975ին, 1984ին եւ 1996ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր վաւերացուցած է։
1951ին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Արդարութեան միջազգային ատեանին ներկայացուած տեղեկագիրին մէջ եւս, ցեղասպանութեան օրինակ նկատուած էին հայերու ջարդերը՝ թուրքերու ձեռամբ։
Նյութի աղբյուրը՝ asbarez.com